ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ «ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄ»

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ «ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄ»

Գլխաւերեւէս  քիչ անդին, ձողին վրայ թառող  թեւաւորին` կուկուսիին, տարօրինակօրէն կը նախանձիմ։

Մինչ անձկութիւնս՝ կը շարունակէ կտրատել մարդկային  ամպանման քուլաներէ գոյացած աներեւոյթ թեւերս։ Յանկարծ փոքրիկ ափի մեծութեամբ պատանեկիկ  թեւաւորը պատշգամիս բազրիքէն  ուղղութիւն  կը ճշդէ, սլանալու դէպի հեռաւոր պուրակին կից գտնուող ելեկտրասիւնին  պղնձապատ թելերէն  մէկուն  վրայ ճօճելու։

Փայլակի արագութեամբ, զիս կը լուսաւորէ այն միտքը, թէ իբրեւ հաւատարիմ սուրհանդակի, տանս մէկ տարբեր անդամի, որ նոյնիսկ ինձմէ մաս մը կարելի է  սեպել՝ պէտք է  բարեացակամօրէն    ուրախութիւնը    զգամ, երբ  փորձեմ  ապրիլ  իր զգացածը։ Միեւնոյն ոլորտին, տարածութեան մէջ գտնուող, փոքրիկ կտուցաւոր շնչաւորին փետուրներուն մէջ երեւակայութեամբ կը  փորձեմ ամփոփուիլ։

Քանի մը թարթափէ ետք, զինք  կրկին կը տեսնեմ  վերադարձած եւ կողքիս բազրիքին վրայ հանգչած։ Կը փարատի նախանձի ամէն զգացում։

Անցողիկ պահ էր քիչ առաջուանը կը մտածեմ եւ այնտեղ մնացած ամէն առաւելութիւն։

Հիմա ալ հաւասարներ ենք, միեւնոյն հորիզոնական դիրքին մէջ կը գտնուինք, նոյն գիծին վրայ։ Հաւասար դիրքի վրայ գտնուող փոքրիկ անցաւորը եւս, գուցէ իր վերադարձի անցումը կատարելէ ետք գտնուի անձկութեան  եւ այս աշխարհէն եկող անցաւորութեան առթած զգացումին ալիքնելուն իշխանութեան տակ։

Կը փորձեմ մեր երկուքին միջեւ հաւասարութեան եզրեր գտնել։ Կամաց-կամաց կը սկսի փարատիլ անձկութեան եւ անցաւորութեան զգացումս։

Եթէ ես ալ թեւեր ունենայի, թերեւս ի զուր տեղ չզբաղէի կարծեցեալ կատարեալ ուրախութեան փնտռտուքով։

Անցաւորներ ենք երկուքս ալ, իւրաքանչիւրս տարբեր ձեւի եւ տեսակի մէջ, նոյնանման սկիզբով եւ աւարտով։ Յանկարծ կ՛անդրադառնամ ունեցած անհամեմատելի առաւելութեանս՝ խօսելու եւ խօսածս արձանագրելու, անսահմանափակ հոգի մը ունենալու, անմահութեան զգացումը ըմբոշխնելու եւ  հրճուանքը զգալու կարողութեամբ, որ անբացատրելի է բառերով։ Զգալ երկնային ամպերը պատառելու, ծովուն ալիքները յաղթահարելու  կարողութեամբ օժտուած ըլլալս․․․Ձուկերուն, թռչուններուն, մնացեալ բոլոր շնչաւորներուն  ունեցած առաւելութիւնները միատեղած, կշիռքի մը նժարին վրայ դրած, իսկ միւս նժարին կը դնեմ մարդկային հոգիին ստեղծագործող եւ անմահութեան ձգտող  թրթիռը․․․

Երկրորդ նժարը իր ցուցանիշին մէջ կը կրէ անմեկնելի բաւարարութիւն, որ կրնայ  հասցնել հոգեկան կատարելութեան գագաթնակէտի, եթէ անոր միանայ սէրը, որ հրաշագործելու կարողականութեամբ լիացած է․․․մարդկային թեւերը կը  վերածուին թռչող թեւերու․․․

․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

Հիմա կրկին մանուկ եմ մեր տան տանիքին։ Կարմիր պղպեղի խիւսով ոլորուած բոկեղը  ափերուս մեջ, կը վայելեմ մանկութեան համով օծուն հացիկը, վերադարձած դէպի մանկութիւն։ Մինչ հոն «Արարատ Հօմ»-ի մէջ պատսպարուած մամիկը քառակուսի հենարանին կռթնած  վազն ի վազ կը յառաջանայ դէպի սրահին դուռը, որ մէկը զինք Հալէպի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի տանի․-եկեղեցին վառեր են- կը գոչէ, ես հիմա կը տեսնեմ  զայն կրակներու մէջ ,-զիս տարէք որ ջուր տանիմ մարեմ կրակը, տարէք, տարէք, երթալ կ՛ուզեմ։

Մամիկը ոչ իսկ գիտէ, թէ  քանի հազար  մղոն կը բաժնէ զինք ,իր պաշտելի եկեղեցիէն։

Որքան հեռանամ տակաւին անոր աղեկտուր ճիչը կը  լսուի հեռուէն։

Ես մանկութեանս հիւրն եմ հիմա, իսկ ԱՄՆի մամիկը իր ցաւին․․․

․․․․․․․․․․․․․․․․․

Բոլորը միատեղ կարելի չէ ունենալ, ջուր, ելեկտրականութիւն, համացանց։

Յարութը կը յուշէ՝ եթէ նոյնիսկ ասոնցմէ ոչ մէկը ունենանք, հոգ չէ, կարեւորը «հաւըն» չկայ այս քանի մը օրը, կ՛ըսէ  ան ուրախութեամբ։

Ջուր կ՛ամբարեմ մութին մէջ,քանի որ ելեկտրահան գործիքը ամբերով աշխատցնելը արդէն իսկ մեծ բան է։ Մութին մէջ, ջուրը կ՛ամբարի կաթիլ կաթիլ, ետքը բարակ թելի հաստութեամբ, ու այդպէս ․․․մինչ տառեր կը շարեմ կողք կողքի համակարգիչիս պաստառին վրայ, որ ջուրին հետ միատեղ յագեցնէ յոգնատանջ հոգին։

Շնորհակալ եմ Տէր այս շռայլութեան  ու հոգիի յղումին համար։